՝՝Վերարծարծել Նուիրումի Մշակոյթը կ՝ըսէ կարտինալ Տիոնիճի Թէթթամանցի Միլանոյի Արքեպիսկոպոսը։
՝՝Տնտեսական տագնապի սա փափուկ պահուն,կը խորհիմ թէ էական է վերարժեւորել ու վերարծարծել
նուիրումի մշակոյթ մը,ուրիշի նկատմամբ ուշադրութեան մշակոյթ մը, մշակոյթ մը պարտուպատշաճ
զգայնութեան որ պէտք է ունենանք բոլորի հանդէպ եւ մասնաւորապէս հանդէպ անոնց՝ որոնք
առաւել կարիքն ունին՝՝։ Այսպէս արտայայտուած է Միլանոյի Արքեպիսկոպոսը Կարտինալ Տիոնիճի,խօսք
առնելով Ընկերային Հաղորդակցութեանց Միջազգային Չորրորդ Խորհրդաժողովին՝կազմակերպուած
Կրթական Ծանուցումի Հիմնարկէն։ Մենք բոլորս պէտք է որ հարց տանք թէ մինչեւ ուր մեր կեանքի
ոճը յարգալիր է,կարող իրագործելու բոլոր արժէքները ,առանց պանծացնելու ,տարամերժ եզրով,
միայն նիւթական ու տնտեսական արժէքները։ Նկատի ունելալով տնտեսական նոր տագնապը (որու
բոլոր աշխարհ ենթակայ է), աղքատներու թիւը կրնայ յաւելում արձանագրել։ Կարտինալ Թէթթամանցիի
համար ՝՝աղքատութեան աճը՝՝ անշուշտ թէ բարիք մը չէ,մանաւանդ թէ չարիք մըն է որ կը մտահոգէ
թէ Եկեղեցին եւ թէ Պետութիւնը ,բայց պատասխանները որ ունինք(դիմագրաւելու աղքատութիւնը)
իսկապէս տարբեր են եւ բազմաթիւ։ Այս պատասխաններուն մէջ կը գտնուի (ըսած է Միլանոյի Արքեպիսկոպոսը)
Կամաւոր Ծառայութիւնը ,որ չենթարկուիր տագապի այլ՝ընդհակառակը կ՝արթննայ։Տնտեսական այս
տագնապէն ուստի կրնանք քաղել դրական երեւոյթ մը՝այն է Կամաւոր Ծառայութեան արժէքի
վերամշակումը ու վերահաստատումը՝որպէս մեծ բարիք